2015-02-12 09:00:30

Քահանայապետի խորհրդատու կարդինալներու 8-րդ նիստը` մամլոյ ասուլիս։


(Ռատիօ Վատիկան) Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` Յիսուսեան հայր ֆ. Լոմպարտին, չորեքշաբթի 11 Փետրուար 2015-ի կէսօրին, մամուլին ներկայացուց Ս. Աթոռի վերին վարչութեան բարենորոգումի` Քահանայապետի խորհրդատու ինը կարդինալներու 8-րդ նիստի աշխատանքները որոնք եզրափակուեցան 11 փետրուարի երեկոյեան։
Նշենք որ այս մարմինը հաստատուած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ որպէս իրեն անմիջական օգնականներ տիեզերական Եկեղեցւոյ կառավարութեան համար ու նաեւ սերտելու Ս. Աթոռի վերին վարչութեան սահմանադրութեան բարենորոգումը։
Իր ելոյթին մէջ Հայր Լոմպարտին յայտնեց թէ 9 կարդինալներու մարմնի յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի յառաջիկայ 13-15 Ապրիլ 2015 ինչպէս նաեւ հաւանական է որ անոր յաջորդէ այլ ժողով մը Յուլիս ամսուայ մէջ։
Հայր Լոմպարտին ապա յայտնեց թէ Հինգշաբթի 12 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ կարդինալական դասի վեհաժողովը ( Concistoro) ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ներկայութեամբ որուն ընթացքին կարդինալական դասին կը ներկայացուի վերոյիշեալ 9 կարդինալներու խորհուրդի աշխատանքներու գործընթացը, հայող ինչպէս նշեցինք Pastor Bonus առաքելական սահմանադրութեան վերատեսութեան որ կը ներփակէ նաեւ քահանայապետական մի քանի խորհուրդներու միացումը մէկ մարմնի ներքոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.